Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի երէկ պաշտօնապէս վաւերացուց Պըրժ Այնթուրա Ռիատի ակումբին ընտրութիւններուն արդիւնքը:
Ընտրուած նոր անձնակազմը պիտի պաշտօնավարէ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին, մինչեւ 8 նոյեմբեր 2024:
Ակումբին նախագահն է հայր Ապտօ Իտ, փոխնախագահը` Ռապիհ Ռըհայտի, ընդհանուր քարտուղարը` Անթուան Շիտիաք, գանձապահը` հայր Միտհաթ Ժարաս, իսկ խորհրդականները` Ղազի Պուսթանի, Ռոնի Սաատէ, Զէյնա Հըլու, Զէյտ Պըթէյշ, Ժատ Պիթար, Մարուան Ռահի, Իմատ Խազեն, Ժան Պատաուի եւ Ժալալ Պաայնօ: