Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, կը կատարուին երեք ճակատումներ:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 10-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Օսասունա կը հիւրընկալէ Հուեսքան: Վերջինս, որ կը գրաւէ դասաւորման 20-րդ եւ վերջին դիրքը, միակ կազմն է, որ ցարդ չէ կրցած յաղթանակ արձանագրել:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Իսկ այսօրուան յայտագիրին վրայ եղող մնացեալ երկու ճակատումները տեղի պիտի ունենան Ֆրանսայի մէջ:
Ժամը 20:00-ին, Ռենն կը հիւրընկալէ Պորտոն, իսկ ժամը 22:00-ին, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, հիւրը պիտի ըլլայ Մոնաքոյի: