Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի սպանացի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոս նախանցեալ օր մրցանիշ մը հաստատեց, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան հանդիսացաւ առաջին մարզիչը, որուն գլխաւորութեամբ հայրենի կազմը յաջորդաբար 5-րդ մրցումն ըլլալով պարտութիւն չկրեց: Այդ հինգ մրցումներէն երեքին Հայաստան արձանագրեց յաղթանակ:
Նշենք, որ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ դէմ արձանագրուած պատմական յաղթանակին շնորհիւ, Հայաստան այսպիսով իրաւունք ստացաւ «Ազգերու լիկա»-ի մրցաշարքին հանդէս գալու Բ. դասակարգին մէջ:
Քափարոսի արձանագրած այս նուաճումը շնորհաւորեց նաեւ անոր նախկին ակումբը` սպանական Սեւիլլան: