Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, սպանացի միջազգային յետսապահ Սերճիօ Ռամոս եւ անոր ակումբը` Ռէալ Մատրիտ, արդէն իսկ իրարու հետ համաձայնութեան եկած են:
Նշուեցաւ, որ անոր պայմանագրութեան երկարաձգման գծով Սպանիոյ ախոյեանը համաձայնութեան գալով անոր հետ պիտի կնքէ երկու տարուան նոր պայմանագրութիւն մը:
Նշենք, որ 34 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը արքայական ակումբին հետ իր աւարտին պիտի հասնէր 2021-ի ամրան:
Ան 2005-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ռէալ Մատրիտին: