Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս, որ Սպանիա-Գերմանիա ֆութպոլի մրցումին («Ազգերու լիկա»-ի զտումի մրցաշարք) վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ 43-րդ վայրկեանին, պիտի բացակայի իր ակումբին կատարելիք քանի մը մրցումէն, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ըստ սպանական «Մարքա» հանրածանօթ մարզական օրաթերթին, ան իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Վիարէալի, իտալական Ինթեր Միլանի եւ Ալավեսի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն:
Նշենք, որ Ինթեր Միլանի դէմ վերոնշեալ մրցումը կ՛իյնայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Ռէալի բժիշկները յոյս ունին, որ ան ապաքինած ըլլալով պիտի մասնակցի 1 դեկտեմբերին Շախտիոր Տոնեցքի դէմ կատարուելիք մրցումին («Չեմփիընզ լիկ»):