Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին անուանի բերդապահ Իքեր Քասիաս նշանակուեցաւ արքայական ակումբի հիմնադրամի փոխտնօրէն, յայտնեց Ռէալի պաշտօնական կայքը:
«Քասիաս մեր ակումբին անուանի ֆութպոլիստներէն մէկն է, որուն հետ ակումբը բազմաթիւ յաջողութիւններու հասած է` իր կողքին ունենալով ակումբին պատմութեան լաւագոյն բերդապահներէն մէկը:
«Ռէալ Մատրիտ հպարտ է, որ ակումբին պատմութեան մեծագոյն խմբապետներէն մէկը վերադարձաւ տուն», նշուեցաւ մայրաքաղաքի կազմին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Քասիաս սաներէն մէկն է Ռէալ Մատրիտի ակադեմիային, ուր ընդունուած է 1990-ին` 9 տարեկան հասակին: