Երէկ` յետմիջօրէին, Լիբանանի աղջկանց 19 տարեկանէն վար ազգային խումբը, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Եգիպտոս, ուր պիտի կատարէ բարեկամական երկու մրցում դաշտին տիրոջ 19 տարեկանէն վար իր հասակակիցներուն դէմ, 23 եւ 26 դեկտեմբերին:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը Պէյրութ կը վերադառնայ 27 դեկտեմբերին:
Նշենք, որ ազգային խումբին մարզիչն է ՀՄԸՄ-ական Յակոբ Տեմիրճեան: