Միջազգային մարզական մամուլը երէկ լայնօրէն անդրադարձաւ Պրազիլի ֆութպոլի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումին, որուն ընթացքին մեծ կռիւ մը ծագեցաւ Ֆլումինենսէի եւ Աթլեթիքօ Փարանայենսէի ֆութպոլիստներուն միջեւ:
Մրցումին յաղթականը հանդիսացաւ Ֆլումինենսէ` 2-1 արդիւնքով:
Անոր աւարտէն ետք, Աթլեթիքոյի յետսապահ Ժոաու Կապրիել ոտքով հարուածեց Ժոաու Նեթուին:
Այս միջադէպէն ետք, 9 ֆութպոլիսներ կարմիր քարտ ստացան: Անոնց կարգին էր Ֆլումինենսէի ֆութպոլիստին հարուածողը: