Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ կատարեց 2020 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը բոլոր անոնց, որոնք մրցանակային դիրքեր գրաւած էին տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու ընթացքին:
Նկատի ունենալով, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը տակաւին կը շարունակէ աշխարհի տարածքին մարդոց կեանքերը վտանգել, այս մրցանակաբաշխութիւնը կատարուեցաւ չորս փուլով` խճողում չյառաջացնելու համար մրցանակակիրներուն մօտ:
Կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուները, շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները, յոյս յայտնեցին, որ 2021 տարուան ընթաքին կը կազմակերպուին թիւով աւելի շատ մրցաշարքեր` առանց զանոնք յետաձգելու: