Ա. Սէ. Միլանին մաս կազմող փորթուգալցի յառաջապահ Ռաֆայէլ Լէաու նախորդ շաբաթավերջին Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ մրցանիշի հեղինակ, այս մասին յայտնեց «ՕփթաՓաուլօ»:
Արդարեւ, 21 տարեկան ֆութպոլիստը նշանակեց «Քալչիօ»-ի պատմութեան ամէնէն արագ կոլը, երբ 7-րդ վայրկեանին ցնցեց Սասուոլոյի բերդին ուռկանը: Անոր կազմը արձանագրեց 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Փիաչենցայի նախկին ֆութպոլիստ Փաուլօ Փոչիի, որ 2001-ին նշանակած էր «Քալչիօ»-ի պատմութեան ամէնէն արագ կոլը` 8-րդ վայրկեանին: