Երէկ` չորեքշաբթի, 23 դեկտեմբերին սկսաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանը, երբ կատարուեցան բացման երկու մրցումներ:
Երկրին գործող ախոյեանը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, տարեշրջանը սկսաւ պարտութեամբ, երբ իր դաշտին վրայ, 116-109 արդիւնքով տեղի տուաւ իր հիւրին` Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դիմաց:
Յաղթական կազմէն, Փոլ Ճորճ նշանակեց 33 կէտ, մինչ Լէյքըրզի ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լեպրոն Ճէյմզ (22):
Երէկուան երկրորդ մրցումին, Պրուքլին Նեթց իր դաշտին վրայ 125-99 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ: Վերջինս Սթեֆըն Քարի նշանակեց 20 կէտ, իսկ յաղթական կազմէն Քիրի Ըրվինկ` 26 կէտ: