Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ, որ նախորդ շաբաթավերջին Էյպարի դէմ տեղի ունեցած մրցումը չկրցաւ շարունակել իր ստացած վնասուածքին պատճառով, 2 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Խրուաթ միջնապահը Բ. կիսախաղի կէսերուն վիրաւորուելով փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Ռէալի բժիշկները յայտնեցին, որ 35 տարեկան ֆութպոլիստը այսպիսով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Կրանատայի եւ Էլչէի դէմ կատարուելիք «Լա Լիկա»-ի մրցումներուն: