Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Օլէ-Կիւնար Սոլսքիարի գլխաւորած կազմը` Մանչեսթըր Եունայթըտ, 6-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Լիծ Եունայթըտի դէմ, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Յաղթական կազմին 24 տարեկան սկովտիացի միջնապահ Սքոթ Մաքթոմինէյ, որ տուպլէ մը իրագործեց, մրցանիշ մը հաստատեց, որովհետեւ ան հանդիսացաւ «Փրեմիեր Լիկ»-ի պատմութեան առաջին ֆութպոլիստը, որ երկու կոլ կը նշանակէ մրցումին առաջին 3 վայրկեաններուն ընթացքին:
Ատկէ բացի, անոր վիճակագրութիւնը եւս եղաւ տպաւորիչ` 86,2 տոկոս ճշգրտութեամբ: