Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, զուիցերիական Ցիւրիխ քաղաքի դատախազութենէն պահանջեց դատի կանչել կազմակերպութեան նախկին նախագահ, զուիցերիացի Ժոզեֆ Պլեթըրը:
Անկախ փորձառու մասնագէտներուն հետաքննութեան արդիւնքէն, մէջտեղ եկած են փաստաթուղթեր, որոնք կը փաստեն անոր կողմէ կատարուած խարդախութիւններն ու կեղծիքները:
Նշուեցաւ, որ ՖԻՖԱ-ի համաշխարհային ֆութպոլի թանգարանին նախագիծը Պլեթըրի նախագահութեան օրերուն գնահատուած է 462 միլիոն եւրոյով, սակայն շէնքին վերակառուցման ծախսը կազմած է 129 միլիոն եւրօ:
Այդ թանգարանը չի նկատուիր ՖԻՖԱ-ին սեփականութիւնը: Նախկին ղեկավարութիւնը երկար ժամանակի վրայ վարձու առած է անիկա: