Իտալական Ճենովայի մարզիչ Ռոլանտօ Մարան, երէկ պաշտօնազրկուեցաւ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ, այս գծով յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
57 տարեկան իտալացի մասնագէտը, որ այս տարի ամրան ստանձնած էր իր պաշտօնը, կնքած էր երկու տարուան պայմանագրութիւն մը:
Անոր գլխաւորութեամբ Ճենովայի այս տարեշրջանին արձանագրած արդիւնքները եղան բաւական ձախող` նկատի ունենալով, որ անիկա այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը: Անիկա վերջին 12 մրցումներուն չէ կրցած յաղթանակ արձանագրել:
Նշենք, որ իտալական մամուլին համաձայն, անոր յաջորդը պիտի ըլլայ Տաւիտ Փալարտինի:



