Ռաուլ Կրնայ Գլխաւորել Ռէալ Մատրիտը
Ռէալ Մատրիտի անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Ռաուլ Կոնզալես, կրնայ գլխաւորել արքայական ակումբը: Ըստ սպանական մամուլին, եթէ այժմու ֆրանսացի գլխաւոր մարզիչ Զինետտին Զիտան հեռանայ իր պաշտօնէն, անոր յաջորդը անկասկած պիտի ըլլայ 43 տարեկան Կոնզալես: Ան ներկայիս Ռէալ Մատրիտի երկրորդ խումբին մարզիչն է: Նշուեցաւ, որ մայրաքաղաքի կազմը կը փափաքէր խումբի մարզիչ ունենալ Մաուրիցիօ Փոքեթինոն, սակայն ան վերջերս նշանակուած է Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչ:...




















