Ֆրանսական «Ֆրանս-Ֆութպոլ» մարզական պարբերաթերթը վերջերս Լեւ Եաշինը ընտրեց իբրեւ բոլոր ժամանակներու լաւագոյն բերդապահը:
Իր կարգին, իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփորթ» մարզական անուանի օրաթերթը, իր կողմէ կատարուած քուէարկութեան արդիւնքին լոյսին տակ, իտալացի Ճիանլուիճի Պուֆոնը ընտրեց իբրեւ լաւագոյն բերդապահ:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Լեւ Եաշին, մինչ երրորդ հանդիսացաւ Տինօ Զոֆ: