Էտկար Տաւիտծ Գլխաւորեց Փորթուգալեան Օլիանենսէն
Նետերլանտներու ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Էտկար Տաւիտծ գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Օլիանենսէի, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Փորթուգալի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն:
47 տարեկան մասնագէտին դիմաց դրուած է պայման մը` խումբը բարձրացնել Բ. դասակարգ, նշուեցաւ ակումբին հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
Ան մարզիչի իր ասպարէզին սկսած է 2011-ին` Այաքս Ամսթերտամի հետ: 2012-2014 ժամանակամիջոցին ան եղած է անգլիական Պառնեթի մարզիչը:
Իսկ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մաս կազմած է Այաքս Ամսթերտամի, Ա. Սէ. Միլանի եւ Եուվենթուսի:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական