Ռէալ Մատրիտի անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Ռաուլ Կոնզալես, կրնայ գլխաւորել արքայական ակումբը:
Ըստ սպանական մամուլին, եթէ այժմու ֆրանսացի գլխաւոր մարզիչ Զինետտին Զիտան հեռանայ իր պաշտօնէն, անոր յաջորդը անկասկած պիտի ըլլայ 43 տարեկան Կոնզալես: Ան ներկայիս Ռէալ Մատրիտի երկրորդ խումբին մարզիչն է:
Նշուեցաւ, որ մայրաքաղաքի կազմը կը փափաքէր խումբի մարզիչ ունենալ Մաուրիցիօ Փոքեթինոն, սակայն ան վերջերս նշանակուած է Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչ:
Ռաուլ, որ Ռէալ Մատրիտի ակադեմիայի սան է, 1994-2010 ժամանակամիջոցին մաս կազմած է խումբին: Ան իր կազմին հետ տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու: