Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սփորթինկ հանդիսացաւ երթի ախոյեան` 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նահտա Պար Էլիասին:
Սփորթինկ, որ ունեցաւ 28 կէտ, 6 կէտով կը գերազանցէ Ահլի Նապաթիէն:
Երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Սաժես, որ ունի 21 կէտ:
Իսկ Ռասինկ, որ ունի 16 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը: