Պաապտայի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ երէկ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ փոխնախագահ Հաշեմ Հայտարի:
Ժողովականները նախ եւ առաջ շնորհաւորեցին լիբանանցիները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով` յոյս յայտնելով, որ 2021-ին մարզական միջոցառումները կ’ըլլան աւելի շատ:
Ապա, Ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար, հանգստեան կոչուած զօրավար Հասսան Ռըսթոմ ներկայացուց օրակարգին վրայ եղող հարցերը:
Յայտարարուեցաւ, որ հինգշաբթի, 21 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, տեղի պիտի ունենան Ողիմպիական կոմիտէին նոր ընտրութիւնները:
Նշուեցաւ նաեւ, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 14-16 յունուարին Օմանի մէջ կատարուելիք Ասիական ողիմպիական կոմիտէին 39-րդ համագումարին:
Որոշուեցաւ նաեւ Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերուն մասնակցիլ պատրաստուողներուն նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրել ամսական դրութեամբ: