«Էն. Պի. Էյ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իր դաշտին վրայ 137-122 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին:
Յաղթական կազմին եւ մրցումին աստղը հանդիսացաւ Սթեֆըն Քարի, որ նշանակեց 62 կէտ: Տեմիըն Լիլարտ (Պլէյզըրզ) նշանակեց 32 կէտ:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 108-94 արդիւնքով յաղթեց Մեմֆիս Կրիզլիզին: Յաղթական կազմէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 22 կէտ:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Լոս Անճելըս քաղաքի երկրորդ խումբը` Քլիփըրզ, 112-107 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ֆէոնիքս Սանզը: Յաղթական կազմէն Փոլ Ճորճ նշանակեց 39 կէտ: