«Լա Լիկա»-ի կազմերէն Աթլեթիքօ Պիլպաոյի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ պաշտօնազրկեց ակումբի գլխաւոր մարզիչ Կայսքա Կարիթանոն:
55 տարեկան մարզիչին պաշտօնազրկումը կատարուեցաւ Էլչէի դէմ (17-րդ հանգրուան) արձանագրուած յաղթանակէն (1-0) կարճ ժամանակ ետք:
Ան ակումբի մարզիչ նշանակուած էր դեկտեմբեր 2018-ին:
Ընթացիկ տարեշրջանին Պիլպաօ իր կատարած 17 մրցումներուն ընթացքին արձանագրեց 6 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն եւ կրեց 8 պարտութիւն:



