Եուվենթուս Եւ Ինթեր Միլան Հետաքրքրուած` Կրացիանօ Փելէով
Իտալական երկու անուանի ֆութպոլի կազմեր` Եուվենթուս եւ Ինթեր Միլան, բաւական մօտէն հետաքրքրուած են, իտալացի 35 տարեկան յառաջապահ Կրացիանօ Փելէով, այս մասին յայտնեց «Ֆութպոլ Իտալիա»-ն:
Չինական Շանտուն Լունենէն հեռանալէ ետք ան մաս չի կազմեր որեւէ խումբի եւ ազատ մարզիկ ըլլալով կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին:
Նշուեցաւ, որ ան առաջարկներ ստացած է նաեւ Անգլիայէն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն:
Չինաստանի ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան ան մասնակցեցաւ 18 մրցումի` նշանակելով 8 կոլ եւ կատարելով 3 էսիսթ:
Իսկ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան 2014-2016-ին մասնակցած է 20 մրցումի` նշանակելով 9 կոլ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական