Կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան եւ «Աթլաս» ակումբին, հսկողութեամբ եւ հաւանութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, այսօր կը սկսի պասքեթպոլի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն վեց խումբեր, բաժնուած` երկու խմբակի, հետեւեալ ձեւով.
Ա. խմբակ.- Տինամօ, Աթլաս եւ Մութթահետ
Բ. խմբակ.- Հուփս, Սաժես եւ Անդրանիկ
Մրցումները պիտի կատարուին «ՀԲԸՄ»-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
Բացման մրցումին, այսօր երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Հուփս կը մրցի Անդրանիկի դէմ, իսկ երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Տինամօ` Մութթահետի դէմ:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ համակիրներուն դաշտ մուտքը բացարձակապէս արգիլուած է «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Սակայն նշուեցաւ, որ բոլոր մրցումները ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուին «Նահար» օրաթերթի Դիմատետրի էջին վրայ: