Իտալացի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի, որ մաս կը կազմէ Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող կազմերէն Մոնցայի, վնասուածք ստացաւ, այս մասին յայտնեց «Սքայ-Սփորթ-Իտալիա»-ն:
Աղբիւրին համաձայն, 30 տարեկան ֆութպոլիստը Լեչէի դէմ կատարուելիք մրցումէն առաջ փորձեր կատարելու ընթացքին վիրաւորուեցաւ:
Անոր ակումբը շուտով պիտի հրապարակէ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ պիտի յստականան անոր ստացած վնասուածքին տարողութիւնը եւ ֆութպոլի դաշտերէն անոր բացակայութեան ժամկէտը: