Թոթենհամի յառաջապահ Սոն Հէունկ Մին ճանչցուեցաւ Ասիոյ 2020 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց «Ֆոքս Սփորթց-Ասիա»-ն:
Ան ապահովեց 286 կէտ եւ ունեցաւ կէտերու հսկայ տարբերութիւն մը երկրորդ դիրքը գրաւած ֆութպոլիստին վրայ, որ ապահովեց 89 կէտ:
Նշենք, որ հարաւային քորէացի ֆութպոլիստը այս տարուան ընթացքին մասնակցեցաւ 32 մրցումի` նշանակելով 22 կոլ եւ կատարելով 5 էսիսթ: