Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքին կազմակերպիչները երէկ յայտնեցին, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 20 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսներու տիրացած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ 2021 տարուան այս կրան շլեմին` խիստ մեկուսացումի դրութեան պատճառով:
39 տարեկան զուիցերիացին 1999-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով պիտի բացակայի այս մրցաշարքէն: 21 տարուան ընթացքին ան վեց անգամ (2004, 2006, 2007, 2010, 2017, 2018) տիրացած է այս մրցաշարքի տիտղոսին:
Նշուեցաւ, որ այս մրցաշարքին բոլոր մասնակցողները երկու շաբթուան մեկուսացումի դրութեան պիտի ենթարկուին Աւստրալիոյ մէջ:
Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ազդանշանը պիտի տրուի 8 փետրուարին: