Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Ընտրութիւնները Յետաձգուեցան
Երէկ` չորեքշաբթի, 13 յունուարի յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն, Պաապտայի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի:
Ժողովականները իրենց օրակարգին վրայ ունէին միայն մէկ նիւթ. Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին նոր ընտրութիւնները:
Որոշուեցաւ նոր ընտրութիւնները կայացնել երկուշաբթի, 8 փետրուարին, ժամը 15:00-էն սկսեալ, «Փատովա» պանդոկին մէջ (Սին Էլ Ֆիլ):
Նշենք, որ սկզբունքով ընտրութիւնները պիտի կատարուէին 21 յունուարին, սակայն երկրին փակ ըլլալուն պատճառով («Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով), անոնք յետաձգուեցան:
Թեկնածուներուն համար արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երկուշաբթի, 1 փետրուարի յետմիջօրէի ժամը 15:00-ը:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական