Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցող Անդրանիկ Մարգարեանի անուան ճատրակի միջազգային յուշամրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 5-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Յովիկ Հայրապետեան, որ այս հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց, կը շարունակէ մնալ յառաջատար:
Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ռուսիան ներկայացնող Սերկէյ Լոպանով, մինչ լաւագոյն եռեակը կ’ամբողջացնէ Տենիս Լազաւիք (Պիելոռուսիա):