Ֆրանսայի ֆութպոլի բազմակի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն հանդիսացաւ երկրի գերբաժակակիր:
Մայրաքաղաքի կազմը, որ մրցեցաւ Մարսէյի դէմ, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին 39-րդ վայրկեանին Մաուրօ Իքարտի նշանակեց Սեն Ժերմենի առաջին կոլը, մինչ Նէյմար 84-րդ վայրկեանին կրկնապատկեց հաշիւը` իր կոլը նշանակելով փենալթիով:
Մրցումին 89-րդ վայրկեանին Տմիթրի Փայէ նշանակեց Մարսէյի ուշացած կոլը:
Նշենք, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն, իր պատմութեան մէջ 10-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Ֆրանսայի գերբաժակակիր: