Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ իրարու դէմ մրցեցան Սուփըրսոնիքս եւ Մետ Կոլֆ:
Հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 45-45 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը, սակայն վերջին երկու քորթըրներուն, Մետ Ֆոքս հետզհետէ մրցումին ղեկը ձեռք առնելով, տարաւ վերջնական յաղթանակը` 100-77 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն Մոնթրել Լիթըլ եղաւ մրցումին լաւագոյն մարզիկը` տուպլէ մը իրագործելով (40 կէտ, 10 ռիպաունտ):