Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի կռփամարտի ազգային հաւաքականը, վաղը` ուրբաթ, 15 յունուարին, կը սկսի ուսումնամարզական հաւաքի մը` Ծաղկաձորի մէջ: Անիկա պիտի տեւէ 12 օր:
Նշուեցաւ, որ այս հաւաքին պիտի մասնակցին 24 մարզիկներ:
Այս ուսումնամարզական հաւաքը տեղի պիտի ունենայ մարզիչ Ռաֆայէլ Մեհրաբեանի գլխաւորութեամբ:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականէն ցարդ ողիմպիականի տոմս ապահոված է միայն Կորիւն Սողոմոնեան (52 քկ):