Եուվենթուսին մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալա, որ Սասուոլոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին («Քալչիօ», 17-րդ հանգրուան) վիրաւորուեցաւ, 15-20 օրով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Նշուեցաւ, որ 27 տարեկան ֆութպոլիստը պիտի բացակայի շարք մը մրցումներէ, որոնց կարգին` Ինթեր Միլանի եւ Նափոլիի դէմ կատարուելիքները: