Լուքա Եովիչ Ռէալ Մատրիտէն Վերադարձաւ «Պունտըսլիկա»
Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող սերպ յառաջապահ Լուքա Եոքիչ վերադարձաւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա»):
23 տարեկան ֆութպոլիստը մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը փոխ տրուեցաւ գերմանական կազմին, յայտնեց արքայական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ ան 2019-ին Այնթրախթէն տեղափոխուած էր Ռէալ` փոխան 63 միլիոն եւրոյի:
Ան այս տարեշրջանին Ռէալի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ միայն 4 մրցումի:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական