Ռուսիոյ ներկայացուցիչ` Մարկարիթա Գասպարեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի զտումի մրցումներուն, երէկ պարտութիւն մը կրելով չկրցաւ ապահովել ախոյեանութեան իր տոմսը:
Զտումի Գ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին, 26 տարեկան Գասպարեան 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց 33 տարեկան պուլկարացի Ցվեթանա Փիրինքովայէն: Գասպարեան դասուած էր 14-րդ, իսկ անոր մրցակիցը` 21-րդ:
Նշենք, որ այս տարի Աւստրալիոյ բաց ախոյեանութիւնը պիտի սկսի նախատեսուածէն աւելի ուշ` 8 փետրուարին: