Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող կազմերէն Ուրարտու եւ Փիւնիկ իրարու դէմ պիտի կատարեն ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը` պատրաստուելու համար բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երկրորդ բաժինին:
Ալեքսանտր Գրիգորեանի գլխաւորած կազմը 21 յունուարին պիտի մրցի Փիւնիկի դէմ` Ուրարտու մարզահամալիրին մէջ:
Ուրարտուի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ նախատեսուած են այլ մրցումներ ալ: