Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, իտալական «Լա Ռեփուպլիքա» պարբերաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ արցախեան վերջին պատերազմին մասին:
«Անհաւանական է, որ 21-րդ դարուն կը կատարուի նման բան` տագնապ, որ կը շարունակուի 30 տարիէ ի վեր, մինչ բազմաթիւ երկիրներ կ’անտեսեն կատարուածը:
«Ցաւալի է, որ Ազրպէյճանի մէջ տակաւին կան հայ գերիներ: Ասիկա երբեք ընդունելի չէ:
«Պատերազմի ընթացքին ես կոչ ուղղեցի ամբողջ աշխարհին, որպէսզի մեր ձայնը լսելի դառնայ անոր:
«Շնորհակալ եմ Իտալիոյ` աջակցութեան համար եւ բոլորին, որոնք ճանչցան Արցախի անկախութիւնը», ըսաւ հայրենի ֆութպոլիստը:



