Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ եւ Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Նէյմար շատ հաւանաբար իր պայմանագրութիւնը երկարաձգէ իր ակումբին հետ:
«Մունտօ-Տեփորթիւօ» կը յայտնէ, որ երկու կողմերը իրարու հետ եկած են ընդհանուր յայտարարի, եւ շուտով մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին այս գծով:
Նշենք, որ Նէյմարի գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2022:
Ան Պարսելոնայէն մայրաքաղաքի կազմին միացած էր 2017-ին: