Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Եուվենթուսն ու Նափոլին, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով:
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ 64-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, հանդիսացաւ այս մրցաշարքին պատմութեան լաւագոյն ռմբաձիգը:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+5-րդ) Ալվարօ Մորաթթա արդիւնքը վերածեց 2-0-ի:
Նշենք, որ մրցումին 80-րդ վայրկեանին Թորինոյի շնորհուած փենալթին կոլի չկրցաւ վերածել Լորենցօ Ինսինյը:
Այսպիսով, երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, իր պատմութեան մէջ 9-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին: