Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտ 2020-2021 տարեշրջանին գծով երկրորդ տիտղոսի մը եւս տիրանալու իր յոյսերը կորսնցուց, երբ այս անգամ դուրս մնաց Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքէն («Քոփա Տել Ռէյ»):
Ինչպէս ծանօթ է, ֆրանսացի մարզիչ Զինետտին Զիտանի գլխաւորած կազմը` Ռէալ Մատրիտ, նախորդ շաբաթավերջին դուրս մնացած էր Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքէն` պարտուելով Աթլեթիք Պիլպաոյէն:
«Քոփա Տել Ռէյ»-ի 1-32-րդ հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին, արքայական ակումբը 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Գ. դասակարգին մաս կազմող Ալքոյանոյի դաշտին վրայ, հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին:
Հիւրընկալ կազմը իր յաղթանակի կոլը նշանակեց երկարաձգման ընթացքին (115-րդ վայրկեանին):