Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. Էս. Ռոմա, որ մրցեցաւ Սփեցիայի դէմ, 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Մրցումին առաջին 15 վայրկեանին արդէն իսկ Սփեցիա նշանակած էր երկու կոլ:
Սակայն նախքան առաջին 45 վայրկեաններուն աւարտը, Ա. Էս. Ռոմայի կազմը նշանակեց կոլ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 73-րդ վայրկեանին նշանակեց Ա. Էս. Ռոմայի կազմին հաւասարութեան կոլը: Ան 85-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Քարլես Փերեսով:
Նկատի ունենալով, որ մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ, դիմուեցաւ երկարաձգման: Նախքան երկարաձգումը, սակայն, Ա. Էս. Ռոմայէն կարմիր քարտ ստացաւ Ճիանլուքա Մանչինի:
Մարզիկի մը առաւելութիւնը ունենալով` Սփեցիա երկարաձգման ընթացքին նշանակեց յաւելեալ երկու կոլ եւս եւ տարաւ վերջնական յաղթանակը` 4-2 արդիւնքով: