Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսաւ իր մարզական հաւաքին: Այս հաւաքը, որ սկսաւ երէկ` չորեքշաբթի, 20 յունուարին, իր աւարտին կը հասնի 27 յունուարին:
«ԵՒՐՕ-2022»-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 29 յունուարին Հայաստան հիւրը պիտի ըլլայ Ռուսիոյ, իսկ 3 փետրուարին հայրենի կազմը Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսան:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է Ռուբէն Նազարէթեան: