Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր կրկնեց գերմանացի նախկին բերդապահ Օլիվըր Քանի մրցանիշը` նկատի ունենալով, որ ան 196-րդ մրցումն ըլլալով իր բերդին մէջ կոլ չստացաւ:
Նշենք, որ 34 տարեկան Նէօյըր Պայէրնին միացաւ 2011-ին:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 17-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Պայէրն, որ հիւրը եղաւ Օկզպուրկի, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` շնորհիւ Ռոպերթ Լեւանտովսքիի նշանակած փենալթիին (13-րդ), եւ հանդիսացաւ երթի ախոյեան: Հիւրընկալ կազմը 76-րդ վայրկեանին չկրցաւ իր կազմին շնորհուած փենալթին կոլի վերածել:
Երթի մրցումներուն աւարտին երկրորդ դիրքը գրաւեց Լայփցիկ, որ ապահովելով 35 կէտ, չորս կէտով ետ մնաց Պայէրնէն:
Երրորդ դիրքը գրաւեց Պայէր Լեւերքուզըն (32 կէտ), իսկ չորրորդ դիրքը` Պորուսիա Տորթմունտ (29 կէտ):



