Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Արարատ-Արմենիայի նախկին գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան կրնայ դարձեալ վերադառնալ մարզիչի իր ասպարէզին:
Ղազախական մարզական մամուլը կը յայտնէ, որ ան շատ հաւանաբար ստանձնէ երկրին Թարազ խումբին մարզիչի պաշտօնը` նկատի ունենալով, որ ան ակումբին կողմէ նկատի առնուած թեկնածուներուն կարգին է:
Անցեալին ան փորձառութիւն ունեցած է ղազախական ֆութպոլին մէջ` նկատի ունենալով, որ եղած է Թոպոլի մարզիչ (2014-էն 2015):
Նշենք, որ ան մարզիչի իր ասպարէզին սկսած է 2004-ին` Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականին հետ: Ան եղած է նաեւ Փիւնիկ Երեւանի եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի մարզիչ: