Մրցումի Մը Ընթացքին Ծխելուն Պատճառով. Ֆերաթի Կախակայուեցաւ Եւ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ
Մեքսիքական Թիկրես ֆութպոլի խումբի 66 տարեկան մարզիչ Ռիքարտօ Ֆերաթի մէկ մրցումով կախակայուեցաւ` իր կազմին կատարած մէկ մրցումին ընթացքին ծխելուն պատճառով:
Պրազիլցի մասնագէտը, Սանթոս Լակունայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Մեքսիքայի ֆութպոլի ախոյեանութիւն) կախակայուելէ բացի, 8 հազար փեսօ տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Նշենք, որ անոր կազմը 29 յունուարին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական