Անգլիական Մանչեսթըր Սիթի ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ խումբին մարզիկներէն արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով:
Այժմ ան ինքնամեկուսացած է եւ կը հետեւի բժիշկի ցուցմունքներուն:
Նշենք, որ ան այս տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերաւ միայն 5 մրցումի` նկատի ունենալով, որ ծունկի վնասուածք ունէր: