Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, դարձաւ ֆութպոլի պատմութեան բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբաձիգը` պաշտօնական մրցումներու ընթացքին նշանակելով իր 760-րդ կոլը:
Այսպիսով, ան գերազանցեց չեխ յառաջապահ Եոզիֆ Պիսանի մրցանիշը, որ 1934-1955 ժամանակամիջոցին նշանակած էր 759 կոլ:
Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին գծով, Եուվենթուս 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նափոլիին, տիրացաւ տիտղոսին:
Նշենք, որ 35 տարեկան ֆութպոլիստը ընդամէնը 1036 մրցում կատարած է Սփորթինկ Լիզպոնի, Մանչեսթըր Եունայթըտի, Ռէալ Մատրիտի, Եուվենթուսի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ: