Երէկ` հինգշաբթի, 21 յունուարին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ երկրին մէջ տիրող կացութեան` նկատի ունենալով, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, ամէն ինչ սառած վիճակ մը կը ներկայացնէ:
Ասկէ մեկնելով, ժողովականները որոշեցին նոր թուական մը ճշդել Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին նոր ընտրութիւններուն` նկատի ունենալով, որ երկրին ամբողջական փակումը երկարաձգուեցաւ մինչեւ երկուշաբթի, 8 փետրուար եւ շատ հաւանական է, որ մինչեւ այդ թուականը անիկա ունենայ այլ երկարաձգում մըն ալ:
Հետեւաբար որոշուեցաւ ընտրութիւնները կայացնել 25 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, «Փատովա» պանդոկին մէջ (Սին Էլ Ֆիլ):