Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Անտրէ Քալիսիր իր նորամուտը նշեց Յունաստանի մէջ:
Շուէտական Կէօթըպորկէն Ափոլոն Սմիրնիս տեղափոխուած 30 տարեկան ֆութպոլիստը ԱԷՔ Աթէնքի դէմ տեղի ունեցած Յունաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի (1-16-րդ հանգրուան) մրցումին, որուն ընթացքին դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին: Ան 35-րդ վայրկեանին ստացաւ դեղին քարտ մը:
Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, անոր կազմը կրելով 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը, դուրս մնաց բաժակի մրցաշարքէն: